2014-03-08 08:34:34

Միջեկեղեցական Ժողով` Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։


Ուրբաթ 7 մարտի առաւօտ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական կարեւոր հանդիպում մը` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք Եունան Գ., Երուսաղէմի լուտերական եկեղեցւոյ պետ Մունիպ Եունան, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշել Ժալխ եւ նոյն խորհուրդի Գործադիր վարչութեան անդամ դոկտ. Հապիպ Պատր: Հանդիպման նպատակն էր քննել Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն առնչուած շարք մը վարչական ու տնտեսական հարցեր:
Յիշեալ ժողովին ընթացքին որոշուեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահներու հանդիպումը կայացնել 11 ապրիլին` Ամմանի մէջ, Գործադիր վարչութեան ժողովը` յունիսի կէսերուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերու հանդիպում մը` նախընտրաբար սեպտեմբերին կամ հոկտեմբերին: Նաեւ տրուեցան կարգ մը վարչական բնոյթ ունեցող որոշումներ` խորհուրդի կառոյցին եւ գործունէութեան առնչուած:
Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու եւ քրիստոնէական ներքին միասնականութեան գործնական արտայայտութիւն տալու հրամայականը: «Այսօր լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց է քրիստոնէութիւնը շրջանին մէջ: Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը կարեւոր դերակատարութիւն ունի քրիստոնէական ներկայութեան ու վկայութեան առաւել կենսունակութիւն տալու իմաստով», ըսաւ վեհափառը:








All the contents on this site are copyrighted ©.